Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հինգշաբթի տուած է երկիր սեւծովեան կազի մատակարարման մեկնարկը։ Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Զոնկուլտաք նահանգի Ֆիլեոս կազամշակման համալիրին մէջ, իսկ արարողութիւնը հեռարձակած է TRT հեռուստաալիքը։
Էրտողանի խօսքով՝ սեւծովեան կազի մատակարարումներու մեկնարկը կարեւոր քայլ է Թուրքիոյ համար ուժանիւթային անկախութիւն ձեռք բերելու հարցով։ Սկզբնական փուլին օրական 10 միլիոն խորանարդ մեթր պիտի արդիւնահանուի: Ծրագրի ամբողջ հզօրութեան հասնելու պարագային Թուրքիան պիտի կարողանայ բաւարարել երկրի կազի կարիքներու 30%-ը։
Էրտողան աւելցուցած է, որ բնակչութիւնը մէկ տարի պիտի չվճարէ խոհանոցի մէջ օգտագործած կազի եւ սպառած տաք ջուրի համար։ Բացի այդ, երկրի բնակիչները մէկ ամիս պիտի չվճարեն տան ջերուցման նպատակով օգտագործած կազի համար: