Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը յայտնած է, որ օրական ընդամէնը 5-6 ժամ կը քնանայ, ուշ գիշեր կ'աւարտէ աշխատանքը, այլապէս, ըստ անոր, չի կրնար ոչ ժողովուրդի հետ ամուր յարաբերութիւններ հաստատել, ոչ ալ ժառանգութիւն թողել:
«Երկրին մէջ վարչական իշխանութիւնը այն մասնագիտութիւնը չէ, որով կարելի է զբաղիլ միայն աշխատանքային ժամերուն։ Ես կ'ակնկալեմ, որ անոնք կ'աշխատիք օրական 24 ժամ, տարեկան 365 օր։ Ես կը քնանամ 5-6 ժամ: Երբեմն տուն կ'երթամ ժամը 12-ին, երբեմն առաւօտեան ժամը 1-ին: Այլ կերպ չեմ կրնար: Այլապէս կարելի չէ ոչ ամուր յարաբերութիւններ հաստատել ժողովուրդի հետ, ոչ ալ ժառանգութիւն թողել»,-ըսած է ան։