image

Էրտողան պաշտօնական այցով Պաքու ժամանած է

Էրտողան պաշտօնական այցով Պաքու ժամանած է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան վերընտրուելէ ետք առաջին անգամ պետական այցով ժամանած է Ատրպէյճան։ Այս մասին արդէն յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Հէյտար Ալիեւի միջազգային օդակայանին մէջ, ուր ծածանած են երկու երկիրներու պետական դրօշները, Էրտողանի համար պատուոյ պահակախումբ շարուած է։

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանն ու անոր կինը Էմինէ Էրտողանը, օդակայանին մէջ դիմաւորած են Ատրպէյճանի առաջին փոխվարչապետ Եաղուպ Էյուպովը, արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆովը եւ այլ պաշտօնեաներ։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Ատրպէյճան մեկնած են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը, Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավար Իպրահիմ Քալընը, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուն եւ այլք։