Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Մասքի հետ

Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Մասքի հետ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է միլիառատէր ձեռներեց,  esla, SpaceX, X ընկերութիւններու սեփականատէր Իլոն Մասքի հետ։ Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահին առընթեր հանրային կապերու գրասենեակը՝ X ընկերային ցանցի (նախկինում՝ Twitter) միջոցաւ:

Հանդիպման ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը գործարարին կոչ ըրած է բանալու Tesla ելեկտրական մեքենաներու արտադրութեան եօթներորդ գործարանը Թուրքիոյ մէջ։

Նշուած է, որ Էրտողան Մասքին պատմած է նաեւ Թուրքիոյ թուայնացման հայեցակարգի եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մէջ ազգային ռազմավարութեան մասին։