Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան Հայաստանին խորհուրդ տուած է «ճիշդ գնահատել տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հնարաւորութիւնը»։
Ելոյթ ունենալով Անգարայի մէջ ԵՄ երկիրներու դեսպաններու հետ հանդիպման ժամանակ՝ Էրտողանը ուշադրութիւն հրաւիրած է Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակի վրայ՝ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի արդիւնքներու լոյսին ներքոյ։
Ան անդրադարձած է Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկին։
«Որպէսզի ձեռնարկուած քայլերը տան ակնկալուող արդիւնքները, կարեւոր է, որ Հայաստանը ճիշդ գնահատէ տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութիւնը», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը։