Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Էրտողան եւ անոր իրանցի գործընկեր Իպրահիմ Ռայիսին ուրբաթ հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին հիմնական ուշադրութիւնը դարձուած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն, տարածաշրջանային խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Ալ-Աքսա մզկիթի վրայ Իսրայէլի յարձակումներուն, հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
«Իսլամական աշխարհը պէտք է միաւորուի Պաղեստինի մէջ Իսրայէլի յարձակումներուն դէմ»,- յայտարարած է Էրտողան՝ կապուած Կազայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետ։ Ընդգծելով Պաղեստինի մէջ բռնութեան նոր շրջանը կանխելու համար «խելամիտ մտածողութեան» անհրաժեշտութիւնը՝ Էրտողան ըսած է, որ բոլոր կողմերուն «ձեռնտու կ'ըլլայ առաջնորդուիլ ողջախոհութեամբ»: Ան նաեւ կոչ ըրած է Ռայիսիին շարունակելու ջանքերը միջազգային հարթակներու վրայ սրբավայրերու կարգավիճակի պահպանման ուղղութեամբ՝ սկսեալ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութենէն եւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութենէն: Էրտողան նաեւ ընդգծած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ թրքական դեսպանատուներու առջեւ «իսլամի սուրբ Ղուրան գրքի վրայ վերջերս տեղի ունեցած յարձակումներուն դէմ այդ միասնութեան ցուցադրման կարեւորութիւնը», նշած են թրքական լրատուական միջոցները:
Աւելի վաղ պաղեստինեան լրատուական միջոցները յայտնած էին, որ տասնեակ պաղեստինցիներ տուժած են Երուսաղէմի Ալ-Աքսա մզկիթի մէջ իսրայէլացի ուժայիններուն հետ բախումներու ժամանակ: Իսրայէլի ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ Ալ-Աքսայի մէջ իրականացուած ներխուժման հետեւանքով 350 մարդ ձերբակալուած է:
Յիշեցնենք, որ 4 ապրիլի գիշերը իսրայէլեան կործանիչներն ու հրասայլերը հարուածներ հասցուցած են Կազայի հատուածին մէջ Համաս շարժման կառոյցներուն՝ ի պատասխան հրէական պետութեան տարածքի վրայ հրթիռներու արձակման: Ուրբաթ գիշեր Իսրայէլ գնդակոծած է Կազայի հատուածը եւ Լիբանանը՝ յայտարարելով, որ իր թիրախը պաղեստինեան Համաս խմբաւորումն է՝ ի պատասխան երկու տարածքներէն Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած քանի մը տասնեակ հրթիռներուն: