Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք հանդէս եկած է յայտարարութիւններով։
Թրքական Anadolu–ի հաղորդմամբ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը, խօսելով Հայաստանի մասին, յայտարարած է, թէ Թուրքիան կ'ակնկալէ, որ Հայաստանը չենթարկուիր Սփիւռքի եւ դուրսի ուժերու սադրիչ ուղղորդումներուն։ «Հայ ժողովուրդի խաղաղութիւնը, բարգաւաճումը կախուած է հարեւաններու հետ բարեկամութենէն, ոչ թէ կռիւներէն:
Յուսամ՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ը շուտով կեանքի կը կոչուի եւ եղբայր ու բարեկամ Ատրպէյճանի ցամաքային եւ երկթագծի հետ կապը Նախիջեւանի միջոցով անխափան կը գործէ։ Կ'ուզենք մեր հարեւան Իրանի հետ միասին համատեղ նախագիծերով տարածաշրջանը խաղաղութեան շրջանի վերածել»,–ըսած է Էրտողան։