Յառաջիկայ կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները աննախադէպ են։
Աննախադէպ են իրենց բնոյթով, երկրին մէջ ստեղծուած պատկերով, ու նաեւ մտահոգութիւններով։
Այս բոլորին մասին իր դիտարկումները կատարած է մեկնաբան ՝ Սագօ Արեան, որ նաեւ շեշտադրած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ընթացող պայքարը կարելի է համարել ճակատագրական պայքար մը։
Էրտողա՞ն, թէ Քլըչտարօղլու
Արեան իր խօսքին մէջ նաեւ կարեւոր շեշտադրումներ կատարած է Պոլսոյ հայկական համայնքին մասին փորձ մը ընելով ներկայացնելու, թէ համայնքի անդամները առաւելաբար որ կողմին պիտի տան իրենց «վստահութեան քուէ»ն։
Թուրքիոյ վերջին զարգացումներուն ու նաեւ այնտեղ սպասուող ընտրութիւններուն մասին կարող էլ աւելիով ծանօթանալ դիտելով ՝ «Արեւելք»ի տեսանիւթը։
Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։