image

«Եղած ընտրութիւններն ամենաանարդարն էին». Քեմալ Քլըչտարօղլու

«Եղած ընտրութիւններն ամենաանարդարն էին». Քեմալ Քլըչտարօղլու

Ընդդիմութեան կողմէ Թուրքիոյ նախագահի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուն Անգարայի մէջ, իր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ ունեցած ելոյթին մէջ յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ «իսկական ժողովրդավարութեան» համար, տեղեկացուցած է CNN-ը։

«Այս ընտրութիւններուն մենատիրական կառավարութիւնը փոխելու ժողովուրդի կամքն ակնյայտ դարձաւ՝ հակառակ բոլոր ճնշումներուն»,-ըսած է Քըլըչտարօղլուն։

«Զիս կը տխրեցնէ այն, որ մեր երկրին դժուար օրեր կը սպասեն»,-ըսած է ընդդիմութեան թեկնածուն։

Քըլըչտարօղլուն նաեւ վկայակոչած է այն պնդումները, որ Էրտողան աշխուժացուցած է իր կողմնակիցները՝ չհիմնաւորուած պահանջներ ներկայացնելով իր ընդդիմախօսներուն, ակնարկելով Թուրքիոյ վերընտրուած նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի մեղադրանքները քիւրտերու հետ Քըլըչտարօղլուի կապերու մասին։

«Սա ամենաանարդար ընտրական շրջանն էր մեր պատմութեան մէջ... Մենք չենք տրուած վախի մթնոլորտին»,-ըսած է Քըլըչտարօղլուն։

Յիշեցնենք, որ Էրտողան նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին հաւաքած է ընտրողներու ձայներու 52 տոկոսը եւ վերընտրուած Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին։