«Զաֆեր» կուսակցութեան ղեկավար Ումիթ Էօզտաղ յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին կը զօրակցի Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի թեկնածութեան` աւելցնելով, որ իր կուսակցութիւնը կ՛առաջարկէ սուրիացի գաղթականները մէկ տարիէն իրենց երկիրը վերադարձնել, յարգելով մարդու իրաւունքները:
«Եթէ կ՛ուզէք 13 միլիոն գաղթականները իրենց երկիրը վերադարձնել, ի նպաստ Քըլըչտարօղլուին քուէարկեցէք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ «Զաֆեր» կուսակցութիւնը մաս կը կազմէր ԱԹԱ դաշինքին, որուն նախագահական թեկնածուն` Սինան Օղանը քանի մը օր առաջ աջակցութիւն յայտնեց գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թեկնածութեան:
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնեց, որ Հունգարիայէն ազդանշաններ եղած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն վրայ ազդելու հաւանական փորձի մասին: Հունգարիոյ ներքին գործոց նախարար Փինթեր Շանտոր յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանը գումար ուղարկած է Հունգարիա` այդտեղի ընտրութիւններուն վրայ ազդելու համար: «Ան մեզի տեղեկացուց, որ մենք նոյնպէս զգուշ ըլլանք», ըսաւ Սոյլու: