Ռուսիան ու Հայաստանը կը քննարկեն ռազմատեխնիկական ոլորտի մէջ համագործակցութեան նոր համաձայնագրերու կնքման հարցը։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։
«Որոշ առանձին պայմանագրերու մասով իսկապէս հարցեր կան`կապուած պետական պաշտպանական պատուէրի կատարման գծով ռուսաստանեան ձեռնարկութիւններու պարտաւորութիւններու հետ, բայց ատոնք աշխատանքային պահեր են, որոնք կը լուծուին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ճիւղային գերատեսչութիւններու երկխօսութեան միջոցով»,- նշած է դեսպանը։
Քոփիրքինի խօսքով`երկու երկիրներու միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասով գրեթէ բոլոր պայմանագրերը կատարուած են որակով եւ ժամանակին։ Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրներու միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը վաղեմի աւանդոյթ ունի եւ հիմնուած է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան զարգացման մասին Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ 2013-ի յունիս 25-ի պայմանագրի վրայ։