15 սեպտեմբերին հրաւիրուած ասուլիսին լրագրողներու հետ զրոյցին «GALLUP International association»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեանը յայտարարած է, թէ ինչպէ՞ս պիտի քուէարկեն երեւանցիները յառաջիկայ աւագանիի ընտրութիւններուն։ Հարցումներուն մասնակցած է 802 երեւանցի:
Հարցման մասնակցածներու 22,5 տոկոսը պիտի քուէարկէ Քաղաքացիական պայմանագրի եւ Տիգրան Աւինեանի, 14,3 տոկոսը` «Ազգային առաջընթաց կուսակցութեան» ու Հայկ Մարութեանի օգտին։
7,8 տոկոսը պիտի ընտրէ «Մայր Հայաստան» դաշինքը` Անդրանիկ Թեւանեանի գլխաւորութեամբ, 6,7 տոկոսը` «Հանրային ձայն» կուսակցութեան` Արտակ Գալստեանը, 5,7 տոկոսը` «Ապրելու երկիր» կուսակցութիւնը եւ Մանէ Թանդիլեանը, 5,2 տոկոսը` «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը եւ Արտակ Զէյնալեանին, 3,8 տոկոսը` «Լուսաւոր Հայաստան»ը եւ Դաւիթ Խաժակեանը, 3,6 տոկոսը «Յաղթանակ» կուսակցութիւնը եւ Վիքթոր Մնացականեան:
Մնացած տոկոսները բաշխուած են մասնակից միւս ուժերու միջեւ։ 9,9 տոկոսը դժուարացած է պատասխանել, իսկ 11,6 տոկոսն ալ հրաժարած է յայտնել, թէ որու օգտին պիտի քուէարկէ։