Այսօր՝ 28 Հոկտեմբերին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 07։00-ի սահմաններուն ՀՀ ոստիկանութեան պարեկային ծառայութեան Երեւանի գունդի Ա. գումարտակի 3-րդ վաշտի պարեկները վաշտի հրամանատար Գէորգ Թորոսեանի, աւագ պարեկներ Վարդան Նիկոլեանի եւ Ռուսլան Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ Արաբկիր վարչական տարածքին մէջ շրջագայութիւն կատարած ժամանակ նկատած են, որ Կոմիտասի պողոտայի թիւ 23 հասցէով գործող «allcell.am» հեռախօսներու եւ պլանշեթներու խանութ-սրահի ապակին կոտրուած է, եւ 2 հոգի կասկածելի պարկերով կը փորձեն հեռանալ այդ վայրէն։
Պարեկները, հետապնդելով զանոնք, կրցած են մէկը բռնել, իսկ միւսը դիմած է փախուստի։ Բռնուածը պարեկներուն կողմէ տեղափոխուած է ոստիկանութեան Արաբկիրի բաժին։
Դէպքի վայր ժամանած են պարեկային ծառայութեան Ա. գումարտակի Ա. վաշտի պարեկները՝ գումարտակի հրամանատար Արամ Տատոյեանի, վաշտի հրամանատար Յարութիւն Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ, որոնք դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են այնտեղէն գողցուած հեռախօսներ, պլանշեթներ, նոթպուքեր եւ այլն։