Այս տարի Երեւանի մէջ պիտի մեկնարկի Նորք-Մարաշ, Նոր Նորք եւ Կեդրոն վարչական շրջաններն իրար կապող այլընտրանքային երկու նոր ճանապարհի կառուցումը։ Յայտնած է Երեւանի քաղաքապետարանի լրատւութեան վարչութիւնը։
․ Մայրաքաղաքի երթեւեկութիւնը փոխադրային հոսքերէն բեռնաթափելու նպատակով համայնքն այսօր շարք մը նախագիծեր կը դիտարկէ: Անոնցմէ երկուքն իրար պիտի կապեն Նորք-Մարաշ, Նոր Նորք եւ Կեդրոն վարչական շրջանները. ծրագրերը պիտի մեկնարկեն այս տարի:
․ Միասնիկեան պողոտան Գիւրջեան փողոցին կապող նոր ճանապարհը պիտի ունենայ աւելի քան 2.3 քմ երկարութիւն եւ 9 մ լայնութիւն:
․ Գարեգին Յովսէփեան փողոցն ու Սարալանջն իրար կապող ճանապարհը՝ 1.4 քմ երկարութիւն ու 7մ լայնութիւն: