image

Երեւանի մէջ. «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութեան անդամները փակած են փողոցները

Երեւանի մէջ.  «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութեան անդամները փակած են փողոցները

Երեւանի մէջ իրազեկման արշաւներ սկսած են. «Մենք Արցախն ենք» նախաձեռնութեան անդամները, միանալով համաժողովրդական շարժման, քանի մը վայրկեանով փակած են Բաղրամեան պողոտայի եւ Մոսկովեան փողոցի խաչմերուկը:

Անոնց ձեռքերուն պաստառներ եղած են, որոնց վրայ գրուած է` «Մենք Արցախի կողքին ենք», «Բացէ՛ք կեանքի ճանապարհը»։

Նախաձեռնող խումբի անդամ Լիանա Պետրոսեանը յայտարարած է, որ իրենց կարճաժամկէտ արշաւներու նպատակն է Հայաստանի քաղաքացիները, երեւանցիները իրազեկել, թէ ինչ վիճակի մէջ են Արցախի մեր հայրենակիցները:

«Մենք կարող ենք 5 րոպէով արգելափակել երթեւեկութիւնը, որպէսզի քաղաքացիներին տեղեկացնենք, թէ ինչ է կատարւում Արցախում», - լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Պետրոսեանը։

Անոր խօսքով՝ իրենց նախաձեռնութեան նպատակը մէկն է` հնարաւորինս շատ քաղաքացիներ միանան իրենց։

Պետրոսեանը հետագայ գործողութիւններու մասին մանրամասներ չէ յայտնած։

Շարժման մասնակիցները կարճ ժամանակով փակած են նաեւ Խանճեան եւ Գրիգոր Լուրսաւորչի փողոցները։

Անոնք արշաւը աւարտած են Աբովեան-Սայաթ-Նովա փողոցներու խաչմերուկին մօտ եւ քայլերթով հասած են Հանրապետութեան հրապարակ` քաղաքացիներուն կոչ ընելով 25 յուլիսին՝ ժամը 20:00-ին, հաւաքուիլ Ազատութեան հրապարակին մէջ: