Այսօր, 1 Օգոստոսին, կրակոցներ հնչած են Երեւանի մէջ։ Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com-ը:
Միջադէպը պատահած է Խանճեան փողոցէն դէպի վերնիսաժ տանող հատուածին մէջ։
ՀՀ ոստիկանութեան պարեկները դէպքի վայրին մէջ յայտնաբերած են ատրճանակէ կրակուած մօտ 8 պարկուճ։
Կրակոցներու վայրէն բաւականին հեռու Հանրապետութեան հրապարակի մօտ, Արամ Մանուկեանի արձանի դիմաց Երեւանի գունդի պարեկները յայտնաբերած են «Range Rover» մակնիշի մեքենայ, որուն վրայ եղած է կրակոցի մի քանի հետք։
Ըստ տեղեկութիւներու Range Rover -ը կը պատկանի Հայաստանի մէջ յայտնի գործարարներէն մէկուն, որու անունը այս պահուն չի հրապարակուիր՝ նախաքննութեան շահերէն ելլելով։
Փաստի առթիւ յարուցուած է քրէական գործ՝ ՀՀ քր օրէնսգիրքի 34-104 յօդուածի 1-ին մասի եւ 235 յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ