29 յունիսին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւաի մէջ: Ժամը 19:25-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութեան 9-11 ճգանաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Արաբկիր վարչական շրջանի՝ Հրաչեայ Քոչար 40/2 հասցէի մօտ գործող պենզինի լցակայանի հարեւանութեամբ հսկայական ծառը արմատէն կոտրուած է ու տապալած:
Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ծառի տապալման հետեւանքով վնասուած է այդ պահուն ճանապարհով անցնող «Hyundai» մակնիշի ինքնաշարժը:
Բարեբախտաբար վարորդը չէ տուժած, սակայն ինքնաշարժի դիմապակին եւ առջեւի որոշ հատուածներ վնասուած են: