image

Երեւանի մէջ բերման ենթարկուած են տասնեակ ցուցարարներ

Երեւանի մէջ  բերման ենթարկուած են տասնեակ ցուցարարներ

Այսօր` Մայիս 16-ին, առաւօտեան ժամը 8:00-էն հինգ վայրերէ մեկնարկած են ընդդիմութեան ինքնաշարժի երթերը:

«Դիմադրութեան» շարժման Աշտարակի խճուղիէն մեկնարկած երթի ճանապարհը փակած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ: Երթի մասնակիցներու եւ ոստիկանութեան աշխատակիցի միջեւ վիճաբանութիւն տեղի ունեցաւ: Երթի մասնակիցները փակեցին հանդիպակաց երթեւեկութիւնը:

«Դուք դրդում էք, որ մենք հանդիպակացը փակենք, դուք հրահանգ էք ստացել, որ երթի դէմն առնէք, բայց մեր դէմը փակ ճամփաներ չեն լինելու, մայոր ջան: Հեսայ կը բացուի, կը տեսնէք: Դուք ոչ արհեստավարժ էք աշխատում», ըսաւ շրժումի մասնակիցներէն մէկը:

Ոստիկանութեան աշխատակիցը արձագանգեց. «Դու մի որոշի` ես ինչ աշխատանք եմ իրականացնում»: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ դիմացը արկած կայ, անոր համար փակած են, որոշ ժամանակ անց երթը շարունակուեցաւ: