image

Երեւանի մէջ ԱԱԾ-ի սպան ինքնասպան եղած է

Երեւանի մէջ   ԱԱԾ-ի սպան ինքնասպան եղած է

Երեւանի մէջ, այսօր` Մայիս 19-ին, ինքնասպանութիւն տեղի ունեցած է. Ժամը 04:00-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժին ահազանգ ստացուած է, որ Մինսքի փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ տղամարդու դի կայ:

Պարզուած է, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ` 32-ամեայ Մամիկոն Օ.-ն էր, որ, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, ինքնասպանութիւն գործած է` նշուած շէնքի 6-րդ յարկի պատուհանէն վար նետուելու միջոցով: 

Փաստի առթիւ նիւթեր կը նախապատրաստուին, նշանակուած են շարք մը փորձաքննութիւններ, այդ շարքին` դիակի դատաբժշկական:

Որոշ տեղեկութիւններով` մահացած Մամիկոն Օ.-ն կը ծառայէր ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ, կոչումով սպայ էր: