image

Երեւանէն ու Պաքուէն պաշտօնական արձագանգ կը սպասենք. Զախարովա

Երեւանէն ու Պաքուէն պաշտօնական արձագանգ կը սպասենք. Զախարովա

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մարիա Զախարովան ըսած է, որ Ռուսաստանը Պաքուէն եւ Երեւանէն պաշտօնական արձագանգ կը սպասէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածաշրջանային այցերը վերականգնելու հարցով։

«Ռուսաստանը, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ, կ'աջակցի այդ ձեւաչափի աշխատանքի շարունակման, առաջին հերթին իր մանտաթին համապատասխան, հաշուի առնելով 2020 թուականէն յետոյ ստեղծուած տարածաշրջանային իրողութիւնները», ըսած է ան, հաւաստիացնելով, որ իրենց մօտեցումը կը կիսեն Մինսքի խումբի գործընկերներ ԱՄՆ-ն եւ Ֆրանսան։