image

Երէկուայ գրոհին մասին ՝ «Պարզապէս բարոյական «կարճատեւ» յաղթանակ՝ Իրանին համար»

  Երէկուայ գրոհին մասին ՝ «Պարզապէս բարոյական «կարճատեւ»  յաղթանակ՝ Իրանին համար»

 

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

 

‼️‼️‼️Եթէ եղածին մասին կարճ ապա պիտի գրեմ «Գրոհը պարզապէս բարոյական կարճատեւ «յաղթանակ» էր Իրանի համար ու «խաղ»ը կը գտնուի Իսրայէլի կիսադաշտին մէջ...»

 Մի քանի կարեւոր նշում ՝ Ոչ մէկ իրանեան ԱԹՍ հասած է Իսրայէլ։

 Իսրայէլի Նէկէւ անապատի կարեւոր խարիսխը, որուն մասին երէկուընէ ի վեր կը գրեն իրանամէտ բանբերները կարեւոր վնասներ չէ կրած եւ հերթականին պէս կը շարունակէ իր աշխատանքները։

 ԱՄՆ Ծովային խարիսխները յաջողած են խոցել Իրանեան ԱԹՍ-ներու 70 հատը։

 Իրանն արձակած է կտոր ռազմական սարք (կէսէն աւելին ԱԹՍ-ներ) որոնց մեծ մասը ինկած են Իրաքի տարածքին ու մաս մըն ալ յորդանանեան պաշտպանական ուժերուն կողմէ վար առնուած են Յորդանանի հողերուն վրայ։

 Ամենաուշագրաւը ռուսական   բրոթոթիբով  պատրաստուած   («Քրուզ»ներու հիման վրայ)   պալիսթեան  հրթիռներու պարագան է  (անունները՝  «Սաժիլ» «Քայպար» եւ «Հաճ Գասէմ»), որոնք հարիւէ աւելին էին ու անոնցմէ միայն 7-ն հասած է Նէկէվի անապատ։

 Ըստ լիբանանցի ռազմական վերլուծաբան ՝ Խալիլ Հըլուին «Եղածը կոտրեց ԱԹՍ-ներու ճամբով խաղը փոխելու «ընդունուած» ձեւակարգը.. կարճ սա աւարտն է ԱԹՍ-ներու առաջնային ըլլալու մօտեցումին»։

 Ի հարկէ այս բոլորին մասին պիտի գրեմ աւելի ուշ, սակայն յստակ է, որ իրանեան հարուածը «սպասուած»ին չափ չէր։

 Տեսանիւթը ՝ Իսրայէլեան պաշտպանական ՀՕՊ-երը «կ՚աշխատին» վար առնել իրանեան հրթիռներն ու ԱԹՍ-ները։