image

«Երբեք պիտի չվախնանք, որովհետեւ Աստուած մեր հետ է».Տ. Նարեկ Սրբազան

«Երբեք  պիտի չվախնանք, որովհետեւ Աստուած մեր հետ է».Տ. Նարեկ  Սրբազան

Հարցազրոյց՝ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ՝  Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի հետ:

– Սրբազան հայր, ինչպէս կը   անցած 2021  թուականը։

– 2021 թուականին գնահատական տալ կը դժուարանամ, որովհետեւ շատ էին փորձութիւնները, դժուարութիւններն ու կորուստները: Անկեղծօրէն շատ չէին ուրախութիւնները, քանզի ամէն օր արթնցած ատեն գիտէինք,  որ Մայր Հայաստանի մէջ յետպատերազմական ամէն լուսաբաց չէ, որ արեւոտ եւ խաղաղ պիտի ըլլար: Ցաւ ի սիրտ բոլորիս, պատերազմէն յետոյ բազմիցս անգամ թուրք զինուորները ներխուժեցին Հայաստանի ազատ տարածք՝ պատճառ հանդիսանալով անմեղ քաղաքացիներու  մահուան, գերեվարման՝այդպիսով լարուած պահելով Հայաստանի ներքին կեանքը: Դժբախտաբար մինչեւ օրս հայոց սուրբ եռաբլուրի մէջ կը շարունակուի մեր նահատակ տղաներու յուղարկաւորութիւնները: 

2021 թուականը ինծի համար անձնապէս գոհացուցիչ էր, որ կարողացանք իրագործել բազմաթիւ ներթեմական ծրագիրներ: Համավարակը ի յայտ բերաւ բազմաթիւ դժուարութիւններ, կորուստներ ունեցանք հայ համայնքէն ներս: Այս դժուարանցանելի տարուայ  ընթացքին կազմակերպեցինք  հոգենորոգ կրօնական քանի մը միջոցառումներ՝ հոգեկան բաւարարութիւն պարգեւելով մեր հաւատացեալ քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Պատերազմի առաջին տարելիցին նուիրուած յուզառատ յիշատակի արարողութիւն կազմակերպեցինք: Վառուող մոմերու վրայ փակցուցած էինք մեր հերոս տղաներու անմահ անունները՝ աղօթելով եւ հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի համար: Գեղեցիկ էր մայրերուն եւ հայրերուն նուիրուած միջոցառումները, ոգեւորիչ՝ Ազգային Դուրեան Վարժարանի տարեվերջեան միջոցառումը, որ ամբողջապէս հայկական էր: Այցելութիւններ կատարեցինք բազմաթիւ հիւանդանոցներ: Քանի մը անգամ Սուրբ Գէորգ Մայր տաճարի մէջ կատարեցինք ջրօրհնեաց արարողութիւն: Անկէ յորդացող կենարար շնորհով շատ ու շատ մարդիկ հաւատքով եւ աստուածային նախախնամութեամբ բժշկութիւն գտան: Մեր հարկէն ներս ընդունեցինք տասնեակ հայերու, որոնք աշխատանքային կամ ճանաչողական կերպով մեզի հիւր եկած էին: Յատկանշական էր Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած սրբապատկերի օծման արարողութիւնը: 2021 թուականը չնայած համավարակի դժուարութիւններուն՝ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի համար գոհացուցիչ տարի կարելի է գնահատել:

 – Ի՞նչ առաջնահերթութիւններ կան, որ պէտք է իրագործէք եւ կեանքի կոչէք գալ տարի: 

– Այս տարուան սկիզբէն կը ծրագրենք կազմակերպել թեմական երիտասարդաց  հաւաք, որու  ընթացքին պիտի քննարկենք կարեւորագոյն թեմական հարցեր: Ինչպէս գիտէք  այս տարի Միւռոնօրհնութեան արարողութիւն տեղի ունենայ Սուրբ Էջմիածինի մէջ։ Շատ երիտասարդներ ցանկութիւն ունին երթալ եւ մասնակից դառնալ այդ պայծառ եւ շնորհաշատ արարողութեան: Մեր երիտասարդներէն շատեր առաջին անգամ պիտի ճանչնան իրենց հայրենիքը, ոմանք ալ՝ երկրորդ, երրորդ անգամ: Արցախին վերաբերուող քանի մը կենսական հարցերէն ելլելով կը նախատեսենք կարեւորագոյն հանդիպումներ կազմակերպել, առաջ Աստուած Հայաստանէն մեզի կը միանան նաեւ քանի մը  ներկայացուցիչներ: Գեղեցիկ առիթ ունինք Արցախ անունով վերանուանելու Սան Փաուլոի  մեծ  փողոցներէն մէկը, ուր կը գտնուէր Թուրքիոյ դեսպանատունը: Սան Փաուլոյի քաղաքային իշխանութիւնները արդէն հաստատած են ամէն բան: Փողոցը Արցախ անուանելու գործին մեծ նպաստ ունի մեր եկեղեցւոյ  սպասաւոր Ներսէս դպիր Եկիներեան: Կը նախատեսենք հաւատացեալներու եւ հայկական բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու  հետ շարունակել հոգեւոր հանդիպումները, որոնք համավարակի պատճառով ժամանակաւորապէս ընդհատուած էին: Կը ծրագրենք վերաբանալ թեմի կիրակնօրեայ դպրոցը: Աւելի մեծ եռանդով պէտք է շարունակենք խորանի ծառայողներու պատրաստութեան դասերը՝ յոյս ունենալով այդ խումբին միացնել նոր երիտասարդներ: Համեստաբար պիտի նշեմ, որ այս տարի կը լրանայ իմ քահանայական օծման 30-ամեակը, այդ գեղեցիկ առիթով թեմական ներկայացուցչական մարմինը կը նախատեսէ կազմակերպել գեղեցիկ միջոցառում։ Սա ինքնին լաւ առիթ է հայութիւնը համախմբելու։Այս տարի մեզի այցի պէտք է գայ ՀԵՀԵՄ (Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորում) գրասենեակի տնօրէն Հայր Թովմա վրդ. Խաչատրեան, կը նախատեսենք քանի մը կարեւոր հանդիպումներ ունենալ ինչպէս Պրազիլիոյ, այնպէս ալ Հարաւային Ամերիկայի քանի մը հայաշատ երկիրներուն մէջ: 

– Ի՞նչ  կը մաղթէք  հայութեան Ամանորի եւ Սուրբ  Ծննդեան տօներու առթիւ: 

– Մեր հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ ընդունիլ այն շնորհները, որ ձրիաբար եւ ամէն տարի կը ստանանք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեամբ: Կը մաղթեմ աստուածային կամք եւ խաղաղութիւն՝ սիրոյ վրայ կառուցելով ամէն խօսք եւ գործ: Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան աւետարանական հրաշք պատմութեան մէջ քանի մը անգամ աւետարանիչը կ՝օգտագործէ «Մի վախնար» արտայայտութիւնը: Ես նոյնպէս կ'ուզեմ որ մենք չվախնանք, չընկրկինք քանզի մեր Տէր Աստուածը ընդ մեզ է: Ամենամեծ մաղթանքս է, որ փոքր ինչ ուշադրութիւն դարձնենք Քրիստոսին, Անոր մարմնին՝ եկեղեցւոյն, աստուածաբանութեան, քրիստոնէական արժէքներուն: Հաւատացած եղէք, որ շատ բաներ մեր կեանքին մէջ կը վերաիմաստաւորուին, կը վերածնուին եւ կը դառնան ամուր վահան՝ թշնամիի բոլոր յարձակումներէն մեզ պաշտպանելով: Այս նոր տարին միայն ու միայն իրար հանդէպ աստուածային սէր կը մաղթեմ: Սիրենք զիրար, որովհետեւ կեանքի ամէն հանգրուանին եւ իրար դիմաց կանգնելու պարագային  ամէն մէկս միւսին աչքերուն մէջ նայելու ատեն Աստուած պէտք է տեսնենք: 

– Ինչպե՞ս է թեմը նախապատրաստուած նոր տարուան, ինչպէ՞ս պիտի նշէ Նոր տարին: 

– Այս տարի ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան բարի եւ հոգեպարար տօներու առթիւ գեղեցիկ մտայղացում մը կեանքի կոչեցինք։ Պատրաստեցինք 1200  նշխարներ եւ  ուղարկեցինք մեր հաւատացեալներու տուները: Շատեր ա՛լ աւելի ոգեւորուեցան, որ ուրախալի էր մեզի համար: Կը նախատեսենք Յունուար 1-ին տարեմուտի սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցել՝ Տիրոջմէ խնդրելով իր երկնառաք շնորհները Հայաստանի եւ վիրաւոր Արցախ աշխարհի համար: Յունուար 5-ին երեկոյեան սուրբ աւետիսը փոխանցելէ յետոյ կը ծրագրենք հաւաքուիլ հայկական ակումբ, ուր հիւրընկալուած են տասնեակ հայեր՝ միասին նշելու մեր Տիրոջ՝ մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը: Կը ծրագրենք Յունուար 6-ին Աստուածայայտնութեան տօնէն յետոյ բոլորին բաժնել փոքրիկ տուփեր որոնց մէջ պիտի ըլլան հոտաւէտ խունկեր: Յունուար ամսուն կը կատարենք նաեւ մի քանի Սուրբ Ծննդեան միջոցառումներ: 

 

  (Յապաւուած) 

Նիւթը՝  Aravot.am-էն

Զրուցեց ՝Գոհար Յակոբեան 

 «Արեւելք»ի համար   արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Թ.Գ.