image

Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը ստիպուած կ՚ըլլանք պաշտպանելու Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներէն. Գերմանիոյ նախագահ

Երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը ստիպուած կ՚ըլլանք պաշտպանելու Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներէն. Գերմանիոյ նախագահ

Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Ուալթըր Շթայնմայըր  կոշտ արտայայտութիւններով քննադատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ Օվալաձեւ աշխատասենեակին մէջ անոր պահուածքին համար։

«Երէկ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած տեսարանէն շնչահեղձ եղայ. երբեք չէի պատկերացներ, որ օր մը ստիպուած կ'ըլլանք պաշտպանել Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներէն»,- ըսած է Շթայնմայըր DPA լրատուական գործակալութեան։

«Դիւանագիտութիւնը կը ձախողի, երբ կը նուաստացնեն բանակցող գործընկերները ամբողջ աշխարհին առջեւ»,- նշած է ան։