image

Երբ անգլիական բապը կը վերածուի հայկական Առաջնորդարանի

Երբ անգլիական բապը կը վերածուի հայկական Առաջնորդարանի

Իւրաքանչիւր երկիր ունի իր մշակութային իւրայատկութիւնը եւ կենցաղը: Կենցաղն ու ապրելակերպ կը հանդիսանան երկրի մը բնութագիրը, պիտակը:  Իւրաքանչիւր երկիր, ուր այցելեմ, կը տեսնեմ այս իւրայատկութիւնները եւ անոր միջոցով մարդոց ապրելակերպը: Ճիշդ-սխալի եւ կամ լաւ-վատի հարց չկայ: Պարզապէս կան աշխարհի մշակութային եւ կենցաղային տարբեր սովորութիւններ եւ արժէքներ, որոնք կը ստեղծեն գունաւոր եւ այլազան պիտակներով մեծ խճանկար մը:

Անգլիան ալ ունի իր մշակութային եւ կենցաղային իւրայատուկ ապրելակերպը: Այս իւրայատուկ ապրելակերպերէն մին է նշանաւոր անգլիական բապը: Հոն թէ՛ խմիչք, եւ թէ ճաշ կը սպասարկուի, եւ մարդիկ կ՛ողողեն զայն գրեթէ ամէն օր: Եթէ մէկ կողմէ բապերուն ներքին մասը խճողուած կ՛ըլլայ, բայց նոյնքան նաեւ մայթն ու փողոցը: Բապը միայն շաբաթավերջի զբաղմունքի վայր չէ, այլ ընդհանրապէս շաբթուան ընթացքին, հոն մարդիկ յաճախ չեն ալ նստիր, այլ երկար ատեն ոտքի կը մնան, մէկ կողմէ կը խմեն, միւս կողմէ անդադար կը զրուցեն: Խմիչքը եւ իրերայաջորդ բաժակներ խօսակցութիւնը կը ստեղծեն հաղորդակցութեան լաւ հարթակ, ինչ որ անգլիական բապին ստեղծած մթնոլորտ-կենցաղն է:

Բայց հարցումը այն է, որ անգլիական բապին ստեղծած  այս մթնոլորտ-կենցաղը կարելի՞ է կերպարանափոխել:

 

Լոնտոն, մայիս 2022
Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան առաջնորդն է Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի հայկական գաղութին. ան աշխուժ հոգեւոր առաջնորդ ըլլալու կողքին, նաեւ տեսիլքի մարդ է: «Հայ եկեղեցին չունի առաջնորդարան», Յովակիմ սրբազանն է խօսողը: «ԹԷեւ եկեղեցական շէնքեր ունինք, բայց միշտ ալ կարիքը կայ առաջնորդարանի», շարունակեց ան: «Իրաւական արձանագրութիւններու բաւական մարտահրաւէրներ ունինք եկեղեցւոյ այդ շէնքերուն կապուած: Կարիք ունինք առաջնորդարանի մը, որպէսզի գաղութը ունենայ արձանագրուած եւ իրողական ճանաչում ունեցող ազգային-հայկական ինքնութիւն»:

Եւ չէ ուշացած սրբազան հօր տեսիլքը: «Գտանք անգլիական բապ մը, որ վաճառքի դրուած էր, կրցանք պիւտճէ մը գոյացնել եւ գնել զայն»։

Կը տեսնէի սրբազան հօր ուրախութիւնը եւ մանաւանդ հպարտութիւնը, երբ ինծի սկսաւ ցոյց տալ շինարարական նորոգութիւնները: Աշխատողներուն մեծ մասը անգլիահայ գաղութի նուիրեալ անդամներ են: Անոնք լծուած էին տենդագին աշխատանքի` ամբողջացնելու համար նորոգութիւնները: Վերջապէս, անգլիական բապը պիտի վերածուէր հայկական առաջնորդարանի: Այս յաջողցնելու համար կարիքը կայ ներքին ու արտաքին շինարարական եւ վերանորոգութեան մեծ աշխատանքի:

Մէկ կողմէ կը հետեւէի սրբազան հօր հեւքին, բայց միեւնոյն ատեն ալ կը սքանչանայի: Այս ինչքան ուժ ամբարած է սրբազանը իր մարմնին եւ կեանքին մէջ: Ան պահ մը կանգ առաւ իր խանդավառ տրամադրութենէն եւ ըսաւ. «Եկուր սուրճ մը խմենք»: Սրբազանը ի՛նք պատրաստեց սուրճը եւ հրամցուց: «Այս առաջին սուրճն է, որ կը խմենք առաջնորդարանին մէջ, եւ այս իմաստով պատմական է»: Մեծ ժպիտ մը գծուեցաւ սրբազանին դէմքին վրայ:

Ան իր այս նուիրական կեանքը  կը փորձէ ապրիլ  ամենայն  հաւատարմութեամբ եւ նուիրուածութեամբ` Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ: Յովակիմ սրբազանի նուիրական եւ հաւատարիմ կեանքը ունի իր պատմութիւնը, իսկ պատմութիւնը` իր արմատները: Յովակիմ սրբազանը ծնած է Էջմիածին: «Ես սփիւռքահայ արմատներ ունիմ», ըսաւ ան: «Մեծ հայրս ծնած է Մուսա Լեռ: 1937-ին անցած է Այնճար, իսկ 1946-ի ներգաղթի օրերուն եկած է Հայաստան:

Մուսա Լեռը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէկ ամուր եւ քաջ կռուանը եղած է, ուր հայը գիտցաւ ինչպէս պիտի վերապրի: Քառասուն օրեր քաջարի դիմադրութենէ ետք` Օսմանեան բանակին դէմ, հայը ոչ միայն փրկուեցաւ, այլ նաեւ վերապրեցաւ: Ան ստեղծեց գեղեցիկ Այնճարը, ուր մինչեւ օրս կը փայլատակէ հայուն ապրելու կամքը»:

Սրբազան հօր կեանքի պատմութեան մէջ կան այլ իրադարձութիւններ: «Մեծ հայրս եւ իր ընտանիքը ներգաղթէն ետք աքսորուեցան Սիպերիա», ըսաւ սրբազանը: «Հայրս ծնաւ Սիպերիոյ մէջ»:

Հայրը Սիպերիայէն վերադարձած է Հայաստան եւ կազմած ընտանիք: Յովակիմ սրբազան ծնած է Էջմիածին: Ան շառաւիղն է ընտանիքի մը, որ տեսած եւ ճաշակած էր կեանքի դառնութիւնը: Բայց այդ դառնութիւնը չէր յուսալքած Մանուկեան ընտանիքը: Անոնք այդ դառնութիւնը վերածած էին ուժի: Ուժ մը, որ կ՛ապրի եւ կը վերապրի: Յովակիմ սրբազան այդ ուժին շառաւիղն է: Ան այսօր այդ իր կեանքի ուժը դրած է հայ ժողովուրդին սպասարկութեան ի խնդիր:

Սրբազանին հետ ծանօթութիւնս սկսաւ, երբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ստանձնած էր միջեկեղեցական կապերու եւ բաժանմունքի պատասխանատու առաքելութիւնը: Այս իմաստով ան լաւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի յարգէ եւ ընդունի ուրիշը: Ուրիշը, որ տարբեր է, բայց` երբեք օտար: Եւ մեր բարեկամութիւն-հաղորդակցութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Յովակիմ սրբազան իր հոգեւոր ինքնութեան հետ կ՛ապրի նոյնքան ազգայինը: Անոր համար հոգեւորն ու ազգայինը կը կազմեն իր կեանքի սրբութիւնները: Եւ ներկայ Հայաստան-Արցախ քաղաքական իրավիճակներուն մէջ ան անդադար կը տքնի, որպէսզի հայուն պայքարը ներկայացնէ անգլիացիին եւ օտարներուն: «Արցախը պէտք է պահել,- ըսաւ ան,- կարելի չէ Արցախի կարգավիճակը դնել Ազրպէյճանի կազմին մէջ»: Այս իւրաքանչիւր հայու մտահոգութիւնը եւ մարտահրաւէրն է:

Վերանորոգուող հայկական առաջնորդարանի մէջ կը դիտէի չորս կողմս: Բայց դիտելէն աւելի կը մտածէի: Կը մտածէի հայուն ապրելու կամքին մասին եւ ի մասնաւորի սփիւռքահայուն: Թէեւ ցեղասպանուած եւ տարագրուած ժողովուրդ ենք,  բայց երբեք մեռած չենք: Հայուն կեանքի տեսիլքը մեզ վերապրեցուց: Իսկ հայուն կերտած կեանքին ուժն է, որ հայուն պատմութիւնը դրաւ շարունակականութեան գործընթացին մէջ: Այս ալ հայուն` ի մասնաւորի սփիւռքահայուն, տեսիլքը եւ ուժն է, որ պիտի չմեռնի: Յովակիմ սրբազան լաւագոյն տիպարն է հայուն կեանքի այս տեսիլքին եւ ուժին:

Եթէ արեւմտեան աշխարհին մէջ քրիստոնէական հաւատքին ու արժէքներուն նկատմամբ հետաքրքրութիւնը կը նուազի եւ եկեղեցական կառոյցները կը փակուին կամ կը վերածուին ցուցասրահներու, Լոնտոնի մէջ հայը կ՛ապրի եւ կը գործէ հակառակ ուղղութեամբ` ան անգլիական բապը կը վերածէ հայկական առաջնորդարանի: Այս արդիւնքն է հայուն տեսիլքի կեանքին: Տեսիլքի կեանքը, որ ստեղծեց ուժը` հայուն ուժը, որ կը կերտէ կեանք:

Յովակիմ սրբազան իր ընտանեկան արմատներէն ժառանգած է տեսիլքը, զոր ան կը վերածէ ուժի, որպէսզի հայուն կեանքը շարունակուի: Իւրայատուկ է Յովակիմ սրբազանին տեսիլքի եւ ուժի կեանքը, բայց նոյնքան նաեւ իւրաքանչիւր հայուն` քիչ մը ամէն տեղ: Հոն, ուր հայը կը շարունակէ ապրիլ հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ, երբ անգլիական բապը կը վերածէ հայկական առաջնորդարանի:

Այս հայկական կեանքին ապրելու եւ վերապրելու իրականութիւնը ամէն տեղ է` Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:

Չվախնանք հոսանքին հակառակ ուղղութեամբ թիավարելէ, որովհետեւ կրնանք վերածել անգլիական բապը հայկական առաջնորդարանի:

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

Պէյրութ, 19 մայիս  2022