44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողներու ծնողները այսօր՝ 20 յունուարին, բողոքի ցոյց իրականացուցած են Քննչական կոմիտէի շէնքի մօտ: Անոնք բողոքած են, որ 21 սեպտեմբերին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ միջադէպի դէպքով քննութիւնը շատ դանդաղ ընթացք ունի, առերեսումները կասեցուած են:
Յիշեցնենք, որ 2022 թուականի սեպտեմբեր 21-ին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցած միջադէպով, երբ բռնութիւն գործադրուեցաւ զոհուած զինծառայողներու ծնողներու նկատմամբ, յարուցուած է քրէական գործ: Անցած է 5 ամիս, եւ մինչ օրս քրէական վարոյթով որեւէ մէկը պատասխանատւութեան չէ ենթարկուած: