image

Էջմիածնի Մայր Տաճարը պիտի վերաօծուի Սեպտեմբերին

Էջմիածնի Մայր Տաճարը պիտի վերաօծուի Սեպտեմբերին

Էջմիածնի Մայր Տաճարն այս տարի պիտի վերաօծուի։ Այս մասին յաջակցութիւն Մայր Աթոռի եւ Վեհափառ Հայրապետի իրականացուող հաւաքի ժամանակ յայտնած են հոգեւորականները։

«Ուրախ աւետիս ունեմ ամէնքիդ յայտնելու․ որոշում կայացուեց, որ այս տարուայ սեպտեմբերի 28-ին եւ 29-ին պիտի կատարուի իւրաքանչիւրիս համար այդքան սպասուած Մայր Տաճարի վերաօծումը եւ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը։ Փառք տանք Աստծուն, որ յետաձգման առիթներ չլինեն»,-յայտնած են հոգեւոր հայրերը։

Նշենք` աւելի վաղ Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն յայտնած էին, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովի ժամանակ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ընթացքի եւ վերաօծման, ինչպէս նաեւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպական աշխատանքներու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Մայր Աթոռի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպս. Բաբայեան:

Հաղորդուած է, որ ժողովականները նաեւ այցելած են Մայր Տաճար եւ ծանօթացած հիմնանորոգութեան ընթացքին։ Ողջունելով կատարուած աշխատանքները՝ ԳՀԽ անդամներն արձանագրած են, որ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները աւարտական փուլին մէջ են։ Որոշուած է Մայր Տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները կազմակերպել սոյն թուականի 28-29 սեպտեմբերին, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներուն։