Օրերս արաբական լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ եգիպտացի նշանաւոր կատակերգակ Ատէլ Իմամ հանգստեան կոչուելով պիտի հեռանայ դերասանական իր ասպարէզէն։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղականայ «Ալ Արապիէ» կայքէն: Նոյն առումով լուրը հաստատած է անոր որդին, բեմադրիչ՝Ռամի Իմամ մշակութային միջոցառման մը ընթացքին: Իմամի որդին նաեւ ըսած է, որ իր հայրը որոշած է ընտանիքին հետ անցնել իր ժամանակը յայտնելով նաեւ, որ վերջինիս առողջական վիճակը կայուն է։
Ի դէպ, անցեալ մայիսին, Ատէլ Իմամի խորհրդատու եւ աշխատանքի համակարգող ՝ Ատէլ Սուլէյման հրապարակած էր աստղին 83-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան լուսանկարներէն: Իմամ ծնունդը նշած էր իր բնակարանին մէջ ընտանիքի անդամներու եւ մտերիմներու ներկայութեամբ։
Յիշեցնենք, որ Ատէլ Իմամի վերջին գործը՝ «Վալենթինօ» տեսաշարն է, ներկայացուած 4 տարի առաջ, որմէ ետք ան «անհետացաւ» գեղարուեստի դաշտէն: Անոր բացակայութեան պատճառաւ ենթադրութիւններ տարածուած են, որ կը տառապի առողջական խնդիրներէ, բայց այդ բոլորը մնացին բամբասանքի շրջանակին մէջ։
Նշենք, որ Ատէլ Իմամ ծնած է 17 մայիս, 1940-ին: Ան կը համարուի Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհի ամէնէն ժողովրդականութիւն վայելող ու նաեւ սիրուած դերասաններէն մին: Ան յայտնի է իր կատակերգական գործերով, որոնք շաղախուած են քաղաքական, ընկերային եւ նոյնիսկ ողբերգական թեմաներով:
Ատէլ Իմամ, կամ ինչպէս զինք կ'անուանեն «Ալ Զայիմ», իր ասպարէզը սկսած է 60-ական թուականներու սկիզբը, եւ ունեցած բեղուն գործունէութիւն։
Անոր յաջողութիւններու արխիւին մաս կը կազմեն՝ 126 շարժանկար, 16 տեսաշար, 11 թատրոն եւ 1 ռատիո հաղորդում։