Եգիպտոսի նախագահ Ապտոլ Ֆաթթահ Սիսին մերժած է պաղեստինցիներու բռնի տեղահանումը Սինա՝ աւելցնելով, որ որեւէ նման քայլ թերակղզին կը վերածէ Իսրայէլի վրայ յարձակումներու յենակետի, յայտնած է Reuters-ը։
Յայտարարելով, որ Կազայի հատուածը փաստացի կը գտնուի Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ, ան առաջարկած է պաղեստինցիները վերաբնակեցնել Իսրայէլի Նագապ անապատին մէջ «մինչեւ զինեալներու հետ հարցերու պարզաբանումը»:
«Իսրայէլի աննախադէպ ռմբակոծութիւնն ու Կազայի պաշարումը մտավախութիւն առաջացուցած է, որ անոր 2,3 միլիոնանոց բնակչութիւնը կրնայ հարկադրաբար տեղափոխուիլ հարաւ՝ Սինա: Այն, ինչ հիմա կը կատարուի Կազայի հատուածին մէջ, փորձ է ստիպել խաղաղ բնակիչները ընդունելու փախստականի կարգավիճակ եւ գաղթելու Եգիպտոս, որ կարելի չէ հանդուրժել։
Եգիպտոսը կը մերժէ Պաղեստինի հարցը ռազմական ճանապարհով լուծելու կամ պաղեստինցիները իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանելու ցանկացած փորձ, որ կը կատարուի տարածաշրջանի երկիրներու հաշուոյն»,- ըսած է Ապտոլ Ֆաթթահ Սիսին։
Անոր խօսքով՝ Եգիպտոսի ժողովուրդը դէմ պիտի ըլլայ Կազայի բնակիչներու՝ դէպի Սինա տեաղահանման։
«Պաղեստինցիներու որեւէ տեղափոխում Սինա կը նշանակէ, որ «մենք դիմադրութեան եւ պայքարի գաղափարը Կազայի հատուածէն կը տեղափոխենք Սինա, եւ այդպիսով Սինա հիմք կը հանդիսանայ Իսրայէլի դէմ գործողութիւններ սկսելու համար», - ըսած է Սիսին։