Ուժանիւթի ոլորտին մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ընդհանուր արդիւնաբերական շուկաներու ձեւաւորումը կը դառնայ ոչ միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին պայմանագրի դրոյթներու կատարման խնդիր, այլ անհրաժեշտ պայման՝ ռեսուրսայիn (միջոցներու) հարթակի տնտեսական համարկման ներուժը իրացնելու համար։ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստի ժամանակ յայտարարած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, աւեցնելով` որ այս ոլորտին մէջ Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան։
Փաշինեան նշած է, որ հաշուի առնելով միութեան անդամ բոլոր երկիրներու շահերը` պէտք է կարգաւորել կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման մասին միջազգային պայմանագրի նախագիծի որոշ դրոյթներ։
«Դրանց իրականացումը թոյլ կը տայ անդամ պետութիւններին ամբողջութեամբ օգտուել կազի ընդհանուր շուկայի առաւելութիւններից»,– յայտարարած է վարչապետը, աւելցնելով, որ՝ հակառակ պարագային, ԵԱՏՄ անդամ երկիրները չեն կրնար օգտագործել կազի ընդհանուր շուկայի ներուժը մինչեւ երկկողմ համաձայնագրերի աւարտը։
Յիշեցնենք՝ տնտեսական միութեան կազի միասնական շուկան կը գնահատուի տարեկան 30 միլիոն խորանատ մեթր:
Միութեան մէջ կազի միասնական շուկայի ձեւաւորման միջազգային պայմանագիրը պէտք է ուժի մէջ մտնէ մինչեւ 2025 թուականի 1 յունուարը։
Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստի ժամանակ վարչապետ Փաշինեան նաեւ յայտարարծ է, որ Հայաստանի ու ԵԱՏՄ երկիրներու միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը այս տարուան 8 ամիսներուն հասած է 2.8 միլիառ տոլարի եւ անցած տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ աւելցած է 74 տոկոսով։
«Չնայած ծանր աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական իրավիճակին ամբողջ աշխարհում, շարունակւում է խորանալ գործընկերային յարաբերութիւնները Եւրասիական միութեան անդամ երկրների միջեւ։ Գլոբալ մարտահրաւէրների պայմաններում այս տարի կարելի է վստահաբար արձանագրել փոխադարձ առեւտրի դրական միտումները»,– ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։
Անոր խօսքով, Հայաստանէն արտահանումը դէպի ԵԱՏՄ երկիրներ աճած է երկու անգամ, իսկ ներմուծումը աւելցած է 58 տոկոսով։
Յիշեցնենք, որ Երեւանի մէջ 20 եւ 21 հոկտեմբերին կը կայանայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստը։