image

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ-ն նոր համանախագահ ունի

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ-ն նոր համանախագահ ունի

«Ինչպէս պաշտօնապէս տեղեկացուցած ենք ներգրաւուած բոլոր կողմերուն, ներկայիս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ համանախագահն է Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերով գրասենեակի տնօրէն Լորա Հոչլան», տեղեկացուցած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը:

ԱՄՆ Պետական քարտուղարութիւնը Յունիս 28-ին տեղեկացուցած էր, որ նոր համանախագահը զրուցած է միւս համանախագահներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահը այսօր խօսած է իր գործընկերներուն հետ` քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ապագան: Ցաւօք, Ռուսիոյ համանախագահը չէ ընդունած հրաւէրը: Մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքի խումբի աշխատանքներու շարունակման», կ'ըսուէր Պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ: