Թուրք լրագրողուհի Սետեֆ Քապաշը ձերբակալուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հասցէին ուղիղ եթերով հնչեցուած վիրաւորական արտայայտութիւններու համար, անոր խօսքերը լայն արձագանգ գտած են ընկերային ցանցերուն մէջ:
Լրագրողը ուղիղ եթերով վիրաւորական ասացուածք մէջբերած է պալատին մէջ գտնուող անասուններու մասին` Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի քաղաքականութեան ծիրին մէջ: Անոր խօսքերը լայն արձագանգ գտած է ընկերային ցանցերուն մէջ: Շարք մը պաշտօնեաներ, իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան ներկայացուցիչներ հրապարակաւ կոշտ արձագանգած են լրագրողին խօսքերուն: Մասնաւորապէս, իշխող կուսակցութեան մամուլի քարտուղար Օմեր Չելիքը ըսած է, որ լրագրողին ըսածը ոչ թէ ընդդիմադիր դիրքորոշման ներկայացում է, այլ՝ «անբարոյականութիւն ու յիմարութիւն»: Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդը նաեւ հետաքննութիւնսկսած է այն հեռուստաալիքին դէմ, որու մասին խօսած է Քապաշը:
«Դատարանը վճիռ կայացուցած է Սետեֆ Քապաշի ձերբակալման վերաբերեալ», յայտնած է հեռուստաալիքի թղթակիցը: