Թրամփ-Զելենսքի հանդիպումէն յետոյ Ուքրանիոյ նախագահը կը շարունակէ աջակցութեան խօսքեր ստանալ եւրոպացի առաջնորդներէն ու քաղաքական գործիչներէն։
«Ուքրանիոյ քաղաքացիներէն աւելի որեւէ մէկը խաղաղութիւն չի ցանկար։ Ահա այս պատճառով է, որ մենք կ'աշխատինք միասին՝ արդար ու ամուր խաղաղութեան հասնելու ճանապարհ գտնելու համար։ Ուքրանիան կրնայ յոյսեր կապել Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի հետ»,- X-ի իր էջին գրած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց։
«Ձեր արժանապատուութիւնը արժանին կը մատուցէ ուքրանացի ժողովուրդի քաջութեան։ Եղէք ուժեղ, համարձակ, անվախ։ Դուք երբեք մինակ չէք, թանկագին նախագահ Զելենսքի։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ ձեզի հետ՝ արդար եւ ամուր խաղաղութեան հասնելու համար»,- յայտարարած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայեն՝ X-ի իր էջով։
Ուքրանիան Եւրոպա է․ մենք կ'աջակցինք Ուքրանիոյ։ Մենք կ'աւելցնենք մեր աջակցութիւնն Ուքրանիոյ, որ վերջինս կարողանայ շարունակել դիմադրել յարձակողին։ Այսօր պարզ դարձաւ, որ ազատ աշխարհին նոր առաջնորդ անհրաժեշտ է։ Մեզի՝ եւրոպացիներուս պարտքն է ընդունիլ այդ մարտահրաւէրը»,- նշած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան գիծով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս։