Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ ըսաւ, որ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին հետ համաձայնագրի կնքումը «դրական իրադարձութիւն է Լիբանանի համար», ընդգծելով որ այս համաձայնագիրը պիտի նպաստէ ազգային արժույթի փոխարժէքի միասնականացման:
Սալամէն «Ռոյթըրզ»-ին տուած հարցազրույցին մէջ ըսած է.«ԱՄՀ-ի հետ փորձագէտներու մակարդակով համաձայնագրի կնքումը դրական իրադարձութիւն է Լիբանանի համար, եւ դրամատունը համագործակցած է հիմնադրամին հետ եւ նպաստած անոր առաքելութեան»:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը յոյս յայտնած է, որ «ԱՄՀ-ի կողմէ սահմանուած նախապայմանները պիտի կատարուին ծրագրի վերաբերեալ Հիմնադրամի խորհուրդին հաւանութիւնը ստանալու համար»:
Երէկ` Հինգշաբթի, Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը յայտարարեց, որ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է Լիբանանի իշխանութիւններուն հետ չորս տարուայ ընթացքին 3 միլիառ տոլար արժողութեամբ օգնութեան ծրագրի շուրջ:
Ռամիրեզ Ռիկօն, որ կը գլխաւորէր ԱՄՀ-ի պատուիրակութիւնը Լիբանանի մէջ, ըսաւ, որ եթէ ծրագիրը հաստատուի հիմնադրամի ղեկավարութեան եւ խորհուրդին կողմէ, ապա Լիբանան ուղարկուող օգնութիւնը պիտի կազմէ «աջակցութիւն այս իշխանութիւններուն` աճն ու ֆինանսական կայունութիւնը վերականգնելու ծրագրին»: