Սկզբունքօրէն մենք այնպէս կը բանակցինք, որ երբեք չամչնանք, մենք միշտ կ'ըսենք այն, ինչ կը մտածենք, եւ պատրաստ ենք պատասխան տալու խօսքերուն համար եւ բացատրելու մեր դիրքորոշումը:
Ռուսիոյ Դաշնութիւնը պատրաստ է պատասխանատուութիւն կրելու իր դիրքորոշման համար եւ միշտ այնպէս կը բանակցի, որ «յետոյ չամչնայ»: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերգէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ գաղտնի բանակցութիւններու բնագրի` ֆրանսական կողմին կազմակերպած արտահոսքը:
«Սկզբունքօրէն մենք այնպէս կը բանակցինք, որ երբեք չամչնանք, մենք միշտ կ'ըսենք այն, ինչ կը մտածենք, եւ պատրաստ ենք պատասխան տալու խօսքերուն համար եւ բացատրելու մեր դիրքորոշումը», ըսած է Լաւրով:
«Կը կարծեմ, որ դիւանագիտական էթիքեթը, ի հարկէ, չ'ենթադրեր արձանագրութեան նման միակողմանի արտահոսք», ըսած է Լաւրով:
Միեւնոյն ժամանակ Լաւրով յիշեցուցած է, որ Ռուսիոյ մէջ եւս եղած է դէպք, երբ հրապարակուած է ֆրանսացի եւ գերմանացի գործընկերներու հետ իր բանակցութիւններուն սղագրութիւնը:
«Այն ժամանակ մենք դեռ կ'աշխատէինք նորմանտական ձեւաչափի շրջանակին մէջ, եւ այդ ձեւաչափով մենք երկար ժամանակ կը փորձէինք համոզել Պերլինն ու Փարիզը, որ անոնք պէտք է ստիպեն Քիեւը դադրեցնել սապոթաժը մինսքեան համաձայնագրերու կատարման հարցով, որոնք համաձայնեցուած են գերմանացիներու եւ ֆրանսացիներու մասնակցութեամբ եւ հաստատուած են ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ», շարունակած է Լաւրով:
«Բայց նախքան Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ գործընկերներուն հետ իմ բանակցութիւններու բովանդակութիւնը հրապարակելը, մենք երեք անգամ զգուշացուցած ենք զանոնք, որ եթէ յստակ բացատրութիւններ չստանանք, թէ ինչու իրենք կը հրաժարին իրենց անմիջական մասնակցութեամբ համաձայնեցուած փաստաթուղթերէն, ապա մենք ստիպուած պիտի ըլլանք զանոնք հանրայնացնել: Անոնք երեք անգամ ալ լռութեամբ պատասխանած են, ուստի այստեղ փոքր տարբերութիւն մը կայ», եզրափակած է Լաւրով: