Այս առաւօտ «Դիմադրութիւն» շարժման մասնակիցները Ֆրանսայի հրապարակէն երթով հասած են Բարձրագոյն դատական խորհուրդի շէնք, որպէսզի սատարեն 44-օրեայ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու հարազատներուն, որոնք ԲԴԽ-ի դիմաց բողոքի գործողութիւն կ'իրականացնեն` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով քրէական գործ յարուցելու պահանջով:
«Երէկ դատարանում ԲԴԽ ենթակայութեան տակ գտնուող դատական կարգադրիչները ծնողների հետ «արա»-ով են խօսել: Ինչ վարքագիծ որ չէինք պատկերացնի, դա էլ է տեղի ունեցել: Միանում ենք իրենց», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արամ Վարդեւանեանը:
Յիշեցնենք, որ զոհուած զինուորներու ծնողները կը դիմեն ԲԴԽ-ին` պահանջելով հաշուի առնել Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով քրէական գործ յարուցելու պահանջով բողոքի կարեւորութիւնը, չեղարկել դատարանի երէկուայ կայացուցած որոշումը եւ դատավարութիւնը շարունակել դռնբաց կարգով, թոլատրելով ծնողներուն եւ լրագրողներուն մասնակցիլ նիստերուն, ապահովելով նաեւ այդ նիստերու հասանելիութիւնը հանրութեան:
«Ինչո՞ւ մեզ չեն ճանաչել տուժող, այս պահի դրութեամբ 27 մարդ է ճանաչուել տուժող: Դատավարութիւնն ընթանում է, բայց մենք նոր փորձում ենք հասնել նրան, որ մեզ տուժող ճանաչեն: Է՞լ ինչ պէտք է լինէր, որ մեզ տուժող ճանաչէին», ըսաւ զոհուած Մենուա Յարութիւնեանի մայրը` «5165 շարժման» առաջնորդ Կարին Տօնոյեանը:
Ան ըսաւ, որ դատավարութիւնը չի կրնար օրէնքի ուժի սահմաններուն մէջ տեղի ունենալ եւ իրենք` 44-օրեայ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու հարազատները անվստահութիւն կը յայտնեն: