image

Դէտերու հարց. Ֆրանսան պատրաստ է

Դէտերու հարց. Ֆրանսան պատրաստ է

Ֆրանսան պատրաստ է մասնակցելու Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան քաղաքացիական նոր առաքելութեան ։ Այս մասին Թուիթըրի իր էջին գրած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնան։

«Սա շատ կարեւոր որոշում է, եւ Ֆրանսա ուրախ պիտի ըլլայ մասնակցելու եւրոպական այս առաքելութեան»,- ըսած է ան։

Նշենք որ, Եւրոպական խորհուրդը 23 Յունուարին համաձայնութիւն տուաւ Հայաստանի տարածքին մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) կազմութեան՝ Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համընդհանուր քաղաքականութեան (CSDP) շրջածիրէն ներս։ Առաքելութեան նպատակն է՝ նպաստել Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան հաստատման, տեղւոյն վրայ վստահութեան ամրապնդման ու ձեւաւորման այնպիսի մթնոլորտի մը, որ պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով Եւրոպական Միութեան կողմէ գործադրուող ջանքերուն:

Հայաստանի մէջ ԵՄ առաքելութիւնը նախնական մանթատ պիտի ունենայ երկու տարի ժամկէտով: Առաքելութեան գործնական շտաբը պիտի ըլլայ Հայաստանի մէջ:Քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատարու հրամանատարը նշանակուեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական ծրագրաւորման բաժինի ղեկավար Սթեֆանօ Թոմաթը: Յառաջիկային դաշտային գործողութիւններու համար պատասխանատու առաքելութեան ղեկավար պիտի նշանակուի։