Սեպտեմբեր 12-ին աշխատանքային այցով Մարսէյլ գտնուող Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեանը հանդիպում ունեցած է Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայանի հետ։
Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի դեսպանը բարձր գնահատած է Մարսէյլի հետ Հայաստանի բարեկամական երկարամեայ առնչութիւնները, ինչպէս նաեւ Մարսէյլի քաղաքապետի եւ քաղաքային խորհուրդի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Անդրադարձ կատարուած է Երեւանի եւ Մարսէյլի միջեւ 2025 թուականի մայիսին ստորագրուած համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթի շրջածիրէն ներս երկու քաղաքներու միջեւ գործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն եւ նախանշուող արդիւնաւէտ ծրագրերուն։