image
Հրատապ լուրեր:

Դեսպան Աթաբէկեան այցելեց Պիքֆայա

 Դեսպան Աթաբէկեան այցելեց Պիքֆայա

Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան օրերս այցելութիւն տուած է  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկոսի ամառնային կեցութեան վայր՝ Պիքֆայա։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ  Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Երեքշաբթի, 2 յուլիս 2024-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն ետք, այցելեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Հայաստանը եւ սփիւռքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող շարք մը խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: