image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Հայաստան ուղեւորներու հոսքը կը շարունակէ աճիլ

Դէպի  Հայաստան ուղեւորներու հոսքը կը շարունակէ  աճիլ

Հայաստանի երկու օդակայաններուն մէջ («Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններ) 2023 թուականին ուղեւորահոսքը կազմած է 5 միլիոն 425 հազար 82 մարդ։

«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 5 330 314 մարդ, իսկ «Շիրակ» օդակայանին մէջ՝ 94 768 մարդ։

Յիշեցնենք, որ այս ցուցանիշը 2022 թուականին կազմած է 3 միլիոն 698 հազար 256 մարդ։

Սա թոյլ կու տայ ենթադրել, որ 2023 թուականին 2022 թուականի համեմատ ուղեւորահոսքն աճած է 1 726 826 մարդով կամ 46%-ով, իսկ 2021 թուականին այս ցուցանիշը կազմած է 2 մլն 381 հազար 680 մարդ, այսինքն՝ 3 միլիոնով պակաս, քան 2023 թուականին։