image

Դեկտեմբեր 2-ին դուրս կը բերուի Աստուծամուխ Սուրբ Գեղարդը

Դեկտեմբեր 2-ին դուրս կը բերուի Աստուծամուխ Սուրբ Գեղարդը

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին հայոց առաջին լուսաւորիչներ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնն այս տարի պիտի տօնախմբէ դեկտեմբեր 2-ին:

Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռէն:

Առաքեալներու տօնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով դեռ 2015 թուականին հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր:

Տօնի առիթով Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու ընթացքին դուրս պիտի բերուի Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:   

Սուրբ  Պատարագի սկիզբը` ժամը 10:30-ին:

Սրբազան մասունքը հաւատացեալներու երկրպագութեան համար մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի մնայ մինչեւ 18։00։

Տօնի նախորդ օրը՝ դեկտեմբեր 1-ին, ժամը 17։30 երեկոյեան ժամերոգութեան ընթացքին Մայր Աթոռի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ պիտի կատարուի նախատօնակ։ Յընթացս նախատօնակի դուրս պիտի բերուին Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի մասունքները։

Սիրով կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովրդը այցելելու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ ստանալու հրաշագործ Սուրբ Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնը: