image

Դաւթաշէնի մէջ կնոջ դի յայտնաբերուած է

Դաւթաշէնի մէջ կնոջ դի յայտնաբերուած է

Դաւթաշէնի մէջ՝ բարձրայարկ շէնքի ետնամասին մէջ, յայտնաբերուած է կնոջ դի։ Տեղեկութիւնը «Արեւելք»ին յայտնեցին ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն:

Նշենք, որ դէպքի վերաբերեալ մանրամասներ յայտնած է նաեւ shamshyan.com-ը։

Մասնաւորապէս, այսօր՝ ժամը 07։30-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Մաշտոցի բաժին եւ ոստիկանութեան Դաւիթաշէնի բաժանմունք ահազանգ ստացուած է, որ Դաւիթաշէն 1-ի թաղամասի 18 շէնքի ետնամասին մէջ կնոջ դի կայ։ Դիակէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ յայտնաբերուած են արնանման հետքեր։

Տեղի ունեցածը սպանութիւն է, թէ դժբախտ պատահար, պիտի պարզէ ոստիկանութիւնը։

Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն մահացածի ինքնութիւնը։