image

Դաւիթ Իշխանեանը Պաքուէն 2 անգամ կապ հաստատած է հարազատներուն հետ

Դաւիթ Իշխանեանը Պաքուէն 2 անգամ կապ հաստատած է հարազատներուն հետ

Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը Պաքուէն 2 անգամ կապ հաստատած է հարազատներուն հետ։

Անոր որդին «Ազատութեան» հաղորդած է, որ հայրն առաջին անգամ հոկտեմբեր 10-ին իրենց զանգած է, 2-րդ անգամ՝ հոկտեմբեր 13-ին։

«Ասաց, որ նորմալ է ամէն ինչ, ուրիշ ոչ մի բան»,- պատմած է Արմէն Իշխանեանը՝ տեղեկացնելով, որ հոկտեմբեր 19-ին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահին այցելած են նաեւ Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները։

Միջազգային կազմակերպութեան անդամները հարազատներուն հաղորդած են, որ Իշխանեանի վիճակը նորմալ է։

Դաւիթ Իշխանեանը Լեռնային Ղարաբաղի 3 նախկին նախագահներու հետ գերեվարուած է հոկտեմբերի սկիզբը։ Պաքուն անոր մեղադրած է ահաբեկչութեան համար։ Իշխանեանը, ինչպէս եւ նախկին նախագահները 4 ամսով կալանաւորուած են։