«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախկին պատգամաւոր Դաւիթ Առուշանեանը պիտի նշանակուի Շիրակի մարզպետ։ Այդ մասին դիմատետրի իր էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Գիւմրիի նախնական ընտրութիւններուն յաղթած Սարիկ Մինասեանը նշանակած է Գիւմրի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար։
«Մեր բոլոր թեկնածուների ներկայութեամբ Սարիկ Մինասեանին նշանակեցի Գիւմրի համայնքի ղեկավարի պաշտօնակատար։ Դաւիթ Առուշանեանի թեկնածութիւնը կ՚առաջադրեմ Շիրակի մարզպետի պաշտօնում»,- գրած է ան։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Առուշանեանը դեկտեմբեր 11-ին յայտարարած էր մանթատը վար դնելու մասին։
ՀՀ կառավարութիւնը դեկտեմբեր 12-ին որոշում ընդունած է ՀՀ Շիրակի մարզի Գիւմրի համայնքի աւագանիի լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցնելու մասին: Կառավարութեան որոշմամբ Գիւմրի համայնքին մէջ նշանակուած է աւագանիի արտահերթ ընտրութիւն։