image
Հրատապ լուրեր:

Դաշնակցական երիտասարդ՝ Նժդեհ Գարագաւորեանի Երեւան մուտք գործելուն դէմ արգելք

 Դաշնակցական երիտասարդ՝ Նժդեհ  Գարագաւորեանի Երեւան մուտք գործելուն  դէմ արգելք

Դաշնակցական երիտասարդը «անբաղձալի տարր» Հայաստանի մէջ 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի՝օրկան «Երկիր»ը կը գրէ, որ առանց որեւէ պատճառաբանութեան Հայաստանի մէջ անբաղձալի տարր յայտարարուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան ատենապետ՝ Նժդեհ Գարագաւորութեանը։

 

 Աղբիւրը, որ այս առթիւ հրապարակած է ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի յայտարարութիւնը, ուր մասնաւորապէս կը նշուի, թէ Նժդեհ Գարագաւորեան կը պատրաստուէր Երեւան հասնիլ (յառաջիկայ ամիս՝ փետրուարին) մասնակցելու համար Սիւնիքի մէջ կայացուելիք ՀՅԴ երիտասարդական համաշխարհային հաւաքին։ 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ ամիսներ առաջ նոյն արգելքները դրուած էին ՀՅԴ գործիչներու դէմ, որոնց գլխաւորը կը համարուի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի դէմ Հայաստան մուտք գործելու արգելքը։