image

Դամասկոսը թիրախ՝Իսրայէլեան հարուածներու (Տեսանիւթ)

  Դամասկոսը թիրախ՝Իսրայէլեան հարուածներու (Տեսանիւթ)

Հերթական անգամ Իսրայէլ հարուածած է Դամասկոսը։ 

 

 Այսօր արեւծագին եղած հարուածը թիրախ դարձուցած է Դամասկոսի շուրջ գտնուող «Քաֆարսուսա» թաղամասը։

 

Նախնական տուեալներով,  թիրախ դարձած «Քաֆարսուսա» շրջանին մէջ գտնուող  շէնքի մը մէջ կը գտնուէր իրանցի բարձրաստիճան պատասխանատու մը, որ զոհուած է։

Ըստ արաբական ԶԼՄ-ներու սպաննուածը անդամ էր Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու ջոկատին։

 Կը նշուի նաեւ, որ իրանցի զոհէն բացի սպաննուած է Սուրիոյ բանակի զինուորական մը, եւ վիրաւորուած են 3  ուրիշներ։