image

Չինաստանը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած է Թայուանի շուրջ

Չինաստանը լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած է Թայուանի շուրջ

Չինաստանի Ժողովրդա-ազատագրական բանակը Թայուանի շուրջ մարտական հրաձգութեամբ լայնածաւալ զօրավարժութիւններ սկսած է, կը տեղեկացնէ Չինաստանի կեդրոնական հեռուստատեսութիւնը։

Զօրավարժութիւնները, որոնք ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի Թայփէյ կատարած այցելութեան պատասխանն են, մեկնարկած են հինգշաբթի, տեղի ժամանակով ժամը 12.00-ին, կղզիի շուրջ ջրաւազանի վեց շրջաններուն մէջ եւ պիտի իրականացուին մինչեւ կիրակի կէսօր։

Չինական կողմը նախազգուշացում հրապարակած է նաւերու եւ օդանաւերու համար, ըսելով, որ չմտնեն այն շրջաններու ջրաւազան եւ օդային տարածք, ուր կ'ընթանան զօրավարժութիւնները: