image

Չինաստանի մէջ անձրեւներ եւ ...Քաոս

Չինաստանի  մէջ անձրեւներ եւ ...Քաոս

Չինաստանի կեդրոնական շրջաններուն մէջ 24 ժամուան մէջ հոսած է Երեւանի մօտ երկու տարուայ տեղումներու քանակի չափ անձրեւ (612մմ)՝ առաջացնելով աւերիչ ջրհեղեղ, գրած է Հիտրոօդերեւութաբանութեան եւ վերահսկողութեան կեդրոնի տնօրէնի տեղակալ Գագիկ Սուրէնեանը:

Չինաստանի Հենան նահանգին մէջ հեղեղումներու հետեւանքով զոհուածներու թիւը հասած է 56-ի: 400 հազար մարդ տարհանուած է անվտանգ շրջաններ:

23 Յուլիսի կէսօրուայ դրութեամբ ջուրի հոսքերը քայքայած են 44 000 հա գիւղատնտեսական նշանակութեան հողեր: Հեղեղումներէն ուղղակի տնտեսական վնասը կազմած է 65,5 միլիառ յուան ​​(10,12 միլիառ տոլար):