image

Չինաստանի հետ լարուածութիւնը երեւելի է. Սպիտակ Տուն

Չինաստանի հետ լարուածութիւնը երեւելի է. Սպիտակ Տուն

Միացեալ Նահանգները կը կարծէ, որ լարուածութիւնը Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ այժմ մեծ է, եւ պատրաստ է համապատասխան պահուն բարձր մակարդակի շփումներ ունենալու Փեքինի հետ։

Ըսած է Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութեան համակարգող Ճոն Քըրպին․

«Նախագահ Պայտըն անհամբեր կը սպասէ նախագահ Սիի հետ եւս մէկ հեռախօսազրոյցի: Մենք այդ կ'ընենք ճիշդ ժամանակին: Կարեւոր է բաց պահել հաղորդակցութեան ուղիները: Լարուածութիւնը միանշանակ բարձր մակարդակի վրայ է: Մենք կը ցանկայինք, որ այս յարաբերութիւնները լաւանան»,-ըսած է Քըրպին Սպիտակ տան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ։

Ան, մասնաւորապէս, նշած է, որ Միացեալ Նահանգները այժմ կը քննարկէ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Չինաստան այցի հնարաւորութիւնը։

«Մենք նաեւ կապի մէջ ենք Չինաստանի հետ՝ կապուած Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտի եւ առեւտուրի նախարարներու հնարաւոր ուղեւորութիւններու հետ՝ քննարկելու տնտեսական հարցեր», - աւելցուցած է Սպիտակ տան խօսնակը։