image

Վրաստանի վարչապետը դրուատիքով խօսած է Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացներու առընթեր վրացական նախաձեռնութեան մասին

Վրաստանի վարչապետը դրուատիքով խօսած է Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացներու առընթեր վրացական նախաձեռնութեան մասին

Վրաստանի խաղաղ նախաձեռնութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յստակ արդիւնքներ տուած է: «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած է, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի՝ ներկայացնելով 2023ի արդիւնքներուն վերաբերող զեկոյց մը: 

Ան նշած է, որ Վրաստանի կառավարութիւնը սերտ բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէ տարածաշրջանի գործընկերներուն՝ Ատրպէյճանին, Հայաստանին եւ Թուրքիոյ հետ:

«Մենք, անշուշտ, շահագրգռուած ենք տարածաշրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումով: Վրաստան կարեւոր ներդրում ունի այս նպատակին հասնելուն մէջ: Որոշ ժամանակ առաջ, Վրաստան կը գտնուէին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի վարչապետները, եւ մենք եռակողմ հանդիպում ունենալու բացառիկ կարելիութիւնը ունեցանք: Կը կարծեմ, որ ասիկա հետաքրքրական նախադէպ էր, որուն մենք հասանք», ըսած է Ղարիպաշվիլի: 

Ան յիշեցուցած է, որ դրացի երկիրներուն միջեւ աշխոյժ այցելութիւններ տրուած են։ «Ես քանի մը անգամ այցելեցի Ատրպէյճան, Ատրպէյճանի նախագահը եւ Հայաստանի վարչապետը՝ Վրաստան: Մենք կը շարունակենք մեր բարձր մակարդակի ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ»: