image

«Չենք կրնար Ռուսիան նուաստացնել». Մաքրոն

«Չենք կրնար  Ռուսիան նուաստացնել». Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած է, որ իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինը «պատմական եւ հիմնարար սխալ» գործած է` ներխուժելով Ուքրանիա եւ այժմ «մեկուսացուած է»:

Արեւմուտքը շարք մը պատասխան պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ դէմ, այդ շարքին` երկրի կարեւորագոյն նաւթի եւ կազի ոլորտներուն նկատմամբ` ի պատասխան Ուքրանիա ներխուժելու որոշման:

«Ես կը կարծեմ, եւ ըսած եմ Փութինին, որ ան պատմական եւ հիմնարար սխալ թոյլ տուաւ իր ժողովուրդին, իր եւ պատմութեան համար: Կը կարծեմ, որ ան մեկուսացուցած է ինքզինք», ըսած է Մաքրոն:

«Մեկուսանալը մէկ բան է, բայց անկէ դուրս գալը դժուար ճանապարհ է», յաւելած է Մաքրոն` շեշտելով, որ Ռուսիան կարելի չէ «նուաստացնել»:

«Ռուսիան կարելի չէ նուաստացնել: Երբ օր մը ռազմական գործողութիւնները դադրին, մենք կրնանք դիւանագիտական ճամբով ճանապարհ հարթել ճգնաժամէն դուրս գալու համար: Ես համոզուած եմ, որ Ֆրանսան պէտք է միջնորդի դեր ստանձնէ», ըսած է Մաքրոն: